top of page

ՀՔՎ Ընդհանուր Պատասխանատուի ուղերձը 

     

  Սիրելի Հայ Քոյրերու Վարժարանի մեծ Ընտանիք, 

​

 Ինծի համար մեծ պատիւ մըն է ձեզի ուղղել իմ սրտիս խօսքը, որպէս Ընդհանուր Պատասխանատու  Հայ Քոյրերու Վարժարանին։

​

 Ձեր բոլորի տեսլականը եղած է, հաստատուն գիտակցութեամբ, հայ մշակոյթի պահպանման եւ հայ լեզուի ուսուցման դարբնոց մը ապահովել մեր երեխաներուն:

​

 Այսօր, աւելի քան երբեք, մեր նուիրական պարտականութիւնն է համախմբել մեր ուժերը, զարգացնել մեր վարժարանը եւ ապահովել  մեր սաներուն  ոչ միայն ուսումնական յաջողութիւնները, այլ սերմանել իրենց մէջ քրիստոնէական արժէքներ և հպարտանքը՝  հայկական պատկանելիութեան:

​

 Հայ Քոյրերու և անձնակազմի ներդրումը այս առաքելութեան մէջ անուրանալի է, եւ մենք խորապէս երախտապարտ ենք ձեր շարունակական աջակցութեան և հարազատութեան:

​

 Սիրելի ծնողներ, եթէ միասին շարունակենք զօրացնել մեր Վարժարանը, գնահատելով մեր ուսուցիչները եւ քաջալերելով մեր աշակերտները, վստահ եմ, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը անպկաս պիտի ըլլայ մեր վրայէն և  մեր ազգային ինքնութիւնը պիտի պահենք յաւերժ կենսունակ։ 

 

 Շնորհակալութիւն ձեր նուիրումին, անշահախնդիր աշխաանքին եւ հայ մանուկին ապագային հանդէպ ունեցած ձեր անխորտակելի հաւատքին։

​

Սիրով՝

Քոյր Լուիզա Գասարճեան 

Ընդհանուր Պատասխանատու 

​

​

KASSARJIAN SR. LOUISA New2.jpg

Քոյր Լուիզա Գասարճեան

Principal's Welcome: Support Us
bottom of page